Հայտարարություններ/Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա/«Նոր Համայնք, Նոր Տաղանդ» նախաձեռնութիւն
«Նոր Համայնք, Նոր Տաղանդներ»
«Ուիքիմետիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւն, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնադրամ
Բարեւ,
Ուրախ ենք յայտարարելու, որ Ուիքիմետիա Հայաստան գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւնը կը շարունակէ Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան զարգացնելու իր աշխատանքները։ Այս ծիրին մէջ Սփիւռքի համայնքներուն հետ կը սկսինք նոր նախաձեռնութիւն մը՝ «Նոր համայնք, նոր տաղանդներ», որուն նպատակն է.
- Պատրաստել Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի նոր խմբագիրներ,
- Աւելցնել արեւմտահայերէն յօդուածներուն թիւը,
- Բարելաւել արեւմտահայերէն յօդուածներուն որակը,
- Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիան դարձնել գիտելիքներու աւելի հարուստ պաշար։
Այսպիսով, յոյս ունինք, որ այս հարթակը գիտելիքի ազատ հանրագիտարան ըլլալու կողքին, նաեւ կարեւոր դեր պիտի խաղայ արեւմտահայերէնի պահպանման եւ զարգացման մէջ։
Կը հաւատանք, որ այս կարելի է իրականացնել միայն այն պարագային, երբ Սփիւռքի տարբեր համայնքներ իրենցը կը նկատեն այս հարթակը եւ անոր զարգացման մէջ կ՛ունենան իրենց անշահախնդիր ներդրումը։
Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի բովանդակութիւնը կը ստեղծուի եւ կ՛օգտագործուի բոլորին կողմէ։ Այն ազատ է բոլորին համար եւ, իր կարգին, կը հարստանայ բոլորին կամաւոր ներդրումով։
Այսպիսով, «Նոր համայնք, նոր տաղանդներ» նախաձեռնութիւնը առիթ կ՛ընձեռնէ, որ սփիւռքեան համայնքներէ անհատներ եւ կազմակերպութիւններ ներկայացնեն Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի զարգացման հետ կապուած իրենց առաջարկները, իսկ Ուքիմետիա Հայաստանը պիտի օգնէ իրականացնել զանոնք։
Նախաձեռնութիւնը ներկայացնելու համար կը խնդրենք ծանօթանալ «Ընդհանուր ուղեցոյց»ին եւ ամբողջացնել ստորեւ ներկայացուած յայտարարագիրը, որ առցանց հասանելի պիտի ըլլայ մինչեւ 15 Հոկտեմբեր 2018-ի օրուան աւարտը (Հայաստանի ժամով)։